2015-06-23 11:15:00

Ոչ եւս է Մայր Թերզայի բարեսիրական գործերը շարունակող Հնդիկ` Քոյր Նիրմալա Ժոշին


(Ռատիօ Վատիկան) Քալքութայի Մայր Թերեզային յաջորդող ու անոր եղբայրասիրական առաքելութիւնները շարունակող ու  յաւերժացնող՝81 ամեայ Քոյր Նիրմալա Ժոշի, երեքշաբթի 23 յունիսին՝ առ յաւէտ հեռացաւ այս աշխարհէն։

Հանգուցեալ քոյրին յուղարկաւորութեան  արարողութիւնը պիտի կատարուի, չորեքշաբթի, 24 յունիսին Քալքութայի` Մայր թերեզայի  մայր Վանքին մէջ։

Քոյր Նիրմալա . ծնած էր Ինտու ցեղի պատկանող ընտանիքի մը յարկի տակ։ Ան՝ Կաթողիկէ հաւատքը ընդունելէն ետ, մտած Է Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութիւնը ապա հիմնած է Մայրը Թերեզայի միաբանութեան կապուած ''հայեցողական կեանքի''  նուիրուած  մասնաճիւղ մը։

26 յունուար 2009-ին, Հնդկաստանի հանրապետութեան տօնին առթիւ, Քոյր Նիրմալա Ժոշին մեծարուած է եւ արժանացած երկրի քաղաքացիական  ծառայութեան բարձրագոյն երկրորդ շքանշանին։

Նշենք, թէ Մայր Թերեզայի հիմնած եղբայրասիրական միաբանութիւնը   տարածուած է

Համայն աշխարհին մէջ ։ 1988-ին , Սպիտակ գիւղը հարուածող  ահեղ երկրաշարժի օրերուն, Մայրը Թերեզա, առաքելութիւնը մըն ալ հաստատած է Հայաստանի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.